Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ գալիք Ամանորի եւ Սուրբծննդեան տօներու առթիւ:
Ուղերձին մէջ նշուած է.
«Յարգելի Նիկոլ Վովայի,
Ընդունեցէք ամանորեայ եւ սուրբծննդեան սրտանց շնորհաւորանքներ:
Անցնող տարին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համար յոբելեանական էր. մենք նշեցինք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակը:
Կարեւոր է, որ Ձեր պաշտօնական այցի ընթացքին յաջողեցանք ամրագրել երկկողմ դաշնակցութեան ռազմավարական ուղղուածութիւնը, նախանշել տարբեր ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ ԵւրԱզԷս, ՀԱՊԿ եւ ԱՊՀ ձեւաչափերով գործընկերային փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման քայլերը:
Կ'ակնկալեմ շարունակել երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ մեր երկխօսութիւնը եւ կառուցողական համատեղ աշխատանքը:
Անկեղծօրէն կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի եղբայրական ժողովուրդին՝ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»։