image

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024-ի մարտ 17-ին

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024-ի մարտ 17-ին

Դաշնային խորհուրդը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահական ընտրութիւններ նշանակած է 2024 թուականի մարտ 17-ին, պալատը միաձայն հաստատած է բանաձեւը, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։

«Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահական ընտրութիւնները նշանակուած է 2024 թուականի մարտ 17-ին: Սոյն որոշումն ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման օրէն»,-ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։

Ինչպէս յայտարարած է պալատի խօսնակ Վալենթինա Մաթվիէնքոն, այս որոշումը կը նշանաւորէ նախընտրական արշաւի մեկնարկը։ Ան ընդգծած է, որ գալիք ընտրութիւնները կարեւորագոյն քաղաքական իրադարձութիւն են, որ մեծապէս կ՚որոշէ Ռուսիոյ զարգացման միջաշառաւիղը։