Ռուսիոյ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ զանգուածային հաղորդակցութեան բնագաւառի վերահսկողութեան դաշնային ծառայութիւնը Ռուսիոյ տարածքին մէջ արգելափակած է Viber յաւելուածը՝ ռուսական օրէնսդրութեան պահանջները խախտելու համար:
Նշուած է, որ Viber-ի միջոցով հաւաքագրուած են քաղաքացիներ՝ ահաբեկչութիւններ իրականացնելու, թմրանիւթեր վաճառելու համար, ինչպէս նաեւ տարածած են հակաիրաւական տեղեկատւութիւն: