Երէկ՝ 4 սեպտեմբերին, յայտնի դարձաւ, որ Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Սալիվան աւարտած է իր աշխատանքը եւ լքած Մոսկուան։ Մինչ իրաւայաջորդի ժամանումը, անոր պարտականութիւնները պիտի կատարէ Էլիզապէթ Ռուտը։ Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ պատասխանելով «ԹԱՍՍ»ի այն հարցին, թէ որու թեկնածութիւնը մտադիր է առաջադրել նախագահ Ճօ Պայտընը Մոսկուայի մէջ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարի պաշտօնին, ըսած է, որ Ամերիկեան վարչակազմը առաջիկային մտադիր է յայտարարել թեկնածուի անունը։
«Մենք մտադիր ենք մօտ ժամանակներուն յայտարարել Ռուսիոյ մէջ մեր յաջորդ դեսպանի թեկնածուի մասին, սակայն այս պահու դրութեամբ հաղորդելու ոչինչ ունինք», - նշած է Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։ Անոր խօսքով՝ հաւանական թեկնածուին անունը պէտք է հաստատէ Քոնկրէսի Սենատը, իսկ դեսպան Սալիվանի մեկնումը Ռուսիայէն նախապէս ծրագրուած էր եւ բնականոն դիւանագիտական հոլովոյթին մասն կը կազմէ։
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Սալիվան Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնը կը զբաղցնէր շուրջ երեք տարի, որ Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպաններու աշխատանքի տիպական տեւողութիւնն է։
Նշենք, որ Սալիվան դեսպան նշանակուած է 2019 թուականի դեկտեմբերին եւ գրեթէ երեք տարի գտնուած է Ռուսիա։