Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Սալիւան խոստովանած է, որ գոյութիւն ունի Մոսուայի ու Ուաշինկթընի մէջ դեսպանատուներու փոխադարձ փակման հաւանականութիւնը:
«Կայ նման հաւանականութիւնը: Չնայած` ես կը կարծեմ, որ այդ մեծ սխալ պիտի ըլլար», ըսած է Սալիւանը: Անոր խօսքով` Սպիտակ տան մէջ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական խզման կողմնակիցներ չկան:
«Ես կրնամ պատկերացնել միայն մէկ պատճառ, որով ԱՄՆ-ն ստիպուած պիտի ըլլայ փակել իր դեսպանատունը: Այդ կրնայ տեղի ունենալ միայն այն պարագային, երբ անոր աշխատանքը շարունակելը անվտանգ չըլլայ», բացատրած է դեսպանը:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանը նաեւ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական խզումը հնարաւոր չէ եւ երբեք պիտի չըլլայ: Անոր խօսքով` նուազագոյն անհրաժեշտ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պահպանումը չափազանց կարեւոր է ե՛ւ ԱՄՆ-ի համար, եւ՛ Ռուսիոյ Դաշնութեան: