image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ դէմ Եւրոմիութեան պատժամիջոցներու սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուած է 2500-էն աւելի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձ

Ռուսիոյ դէմ Եւրոմիութեան պատժամիջոցներու սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուած է 2500-էն աւելի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձ

Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները դարձած են մրցանիշային միաւորման պատմութեան մէջ: Ռուսիոյ առնչուող սեւ ցուցակին մէջ արդէն ընդգրկուած է 2500-էն աւելի իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձ: Պատժամիջոցներու ցանկին մէջ են ինչպէս Ռուսիոյ, այնպէս ալ Պելառուսիոյ, Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի, Հնդկաստանի, Իրանի, Ատրպէյճանի, արաբական, ասիական ու ափրիկեան շարք մը երկիրներու քաղաքացիներ եւ ընկերութիւններ:

Արդէն ուժի մէջ մտած է նաեւ Ռուսիոյ դէմ ԵՄ պատժամիջոցներու 18-րդ փաթեթը,  որուն թիրախն է Ռուսիոյ նաւթային եւ ուժանիւթային արդիւնաբերութիւնը եւ ֆինանսական ոլորտը:

Սահմանափակումներու նոր փաթեթի համաձայն՝ ռուսական նաւթի գինի վերին շեմը կ'որոշէ Եւրոպական յանձնաժողովը: Այն կախեալ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ նաւթի միջին շուկայական արժէքէն, որմէ պիտի հանուի 15 տոկոս: Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ նոր պատժամիջոցներու ծիրէն ներս Պրիւքսել որոշած է ռուսական նաւթի գինի վերին շեմը մէկ տակառի դիմաց 60 տոլարէն նուազեցնել մինչեւ 47,6 տոլար: