image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիան մեզի ոչ միայն զէնք է վաճառած, այլ յաճախ ձրի տուած. Մովսէս Յակոբեան

Ռուսիան մեզի ոչ միայն զէնք է վաճառած, այլ յաճախ ձրի տուած. Մովսէս Յակոբեան

Մովսէս Յակոբեանը «Փաստինֆո»-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ մեր դաշնակից երկիրները չեն կատարեր Հայաստանի նկատմամբ զէնքի մատակարարումներու պարտաւորութիւնները։

Ռուսիան նախապէս լաւ ալ վաճառած է մեզի զէնք, մեծ հաճոյքով, առանց փողի ալ տուած է, ոչ միայն վաճառած է, այլ նաեւ ձրի տուած է: «Փաստինֆո»-ի հետ հարցազրոյցին նշած է Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի նախկին պետ Մովսէս Յակոբեանը՝ պատասխանելով լրատուամիջոցի հարցին, թէ իր կարծիքով՝ ինչո՞ւ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ մեր դաշնակիցը, որ Ռուսաստանն է, մեզի զէնք չի վաճառեր։

Հարցին, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը զէնք գնելու համար չի դիմերայլ երկիրներու, Յակոբեանը պատասխանած է. «ես դրանով չեմ զբաղւում, զէնք գնողներից հարցրէք, ես իրենց քննարկումներին չեմ մասնակցում: Զէնք վաճառում են նրան, ում հետ ունեն յարաբերութիւն, վստահութիւն»:

Ճշդման, թէ արդեօք այդ կը նշանակէ, որ ուրիշ երկիրներ Հայաստանին չեն վստահիր, ԳՇ նախկին պետ Մովսէս Յակոբեանը պատասխանած է․ «Ես ասացի՝ վաճառում են այն երկրներին, ում վստահում են»։

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան 29 սեպտեմբերի կառավարութեան նիստին յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ ձախողցնել տարբեր երկիրներէ, նաեւ դաշնակիցներէ Հայաստանին զէնքի մատակարարումը: