Ուքրանիոյ Նախագահ Վլատիրմիր Զէլէնսքին «կազային պատերազմ» որակած է «Կազփրոմ» ընկերութեան գործողութիւնները՝ կոչ ընելով խստացնելու Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։ Այս մասին ան ըսած է իր տեսաուղերձի ժամանակ:
«Այսօր մենք տեսանք Եւրոպայի դէմ հերթական կազային սպառնալիքները։ Հակառակ «Հիւսիսային հոսքի» հետ կապուած զիջումներուն՝ Ռուսիա մտադիր չէ վերսկսելու կազի մատակարարումը եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս պարտաւորուած էր պայմանագրով։ Սա անթաքոյց կազային պատերազմ է, որ Ռուսաստանը կը վարէ միացեալ Եւրոպայի դէմ։ Այսպէս պէտք է այն ընկալել», - նշած է Զէլէնսքին։
Անոր խօսքով՝ կազային այս սպառնալիքը հարկաւոր է Ռուսիոյ՝ եւրոպացիներու կեանքի որակը վատթարացնելու համար, ուստի անհրաժեշտ է խստացնել ՌԴ-ի դէմ սահմանուող պատժամիջոցները։
«Սա իսկապէս կրնայ դիտարկուիլ որպէս խթան պատժամիջոցներու ութերորդ փաթեթը վերջերս հաստատուած եօթներորդ փաթեթէն աւելի նշանակալի կազմելու համար», - եզրափակած է ան։