image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսամէտ գործիչներէն երկուքը ազատ արձակուեցան

Ռուսամէտ գործիչներէն երկուքը  ազատ արձակուեցան

Sputnik Արմենիա ռատիոկայանի «Մենք» հաղորդաշարի հեղինակ Աշոտ Գէորգեանը եւ պլոկըր Միկա Բադալեանը ազատուած են արգելանքէն:

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Քննչական կոմիտէն:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ քննչական կոմիտէի Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութեան Գորիսի քննչական բաժնէն ներս կը շարունակուի՝ Գորիս համայնքի Վերիշէն բնակավայրի բնակիչի կողմէ, նախնական համաձայնութեամբ, խումբ մը անձերու հետ իրացնելու նպատակով ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք ձեռք բերելու, պահելու եւ իրացնելու դէպքի առթիւ 2023-ի 24 օգոստոսին ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) քննչական բաժանմունքին մէջ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 335-րդ յօդուածի 2-րդ մասով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը:

Այս մասին յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:

ԱԱԾ ծառայողներու կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու, համալիր քննչական գործողութիւններու հետեւանքով տուեալներ ձեռք բերուած են յանցաւոր գործունէութեան շղթային մէջ ներգրաւուած 7 անձի վերաբերեալ, որոնք առերեւոյթ յանցանք կատարած ըլլալու անմիջականօրէն ծագած հիմնաւոր կասկածի առկայութեան հիմքով, 2023-ի 6 եւ 7 սեպտեմբերին ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէն ձերբակալուած եւ ներկայացուած են վարոյթն իրականացնող մարմնին, որոնցմէ երկուսը՝ հրազէն ու ռազմամթերք ապօրինի կերպով իրացնելու պահուն:

Վարոյթն իրականացնող մարմինը որոշումներ կայացուցած է վերը նշուած անձերը ձերբակալելու մասին:

Նախաքննութեան ընթացքին կատարուած են դէպքի վայրի զննութիւն, հարցաքննութիւններ, բնակարաններու եւ փոխադրային միջոցի խուզարկութիւններ, որու հետեւանքով առգրաւուած են «AK» տեսակի ինքնաձիգ, մարտական փամփուշտներ, նռնակներ, նռնակի պայթուցիչներ, ատրճանակներ, սուին դանակներ, տարբեր տեսակի ու ռազմական նշանակութեան գոյք, կանեփ տեսակի բոյսի թուփեր։

Նշանակուած են դատաձգաբանական եւ դատաքիմիական փորձաքննութիւններ:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: Ձեռնարկուած են անյետաձգելի միջոցառումներ՝ զէնք-զինամթերքի ձեռք բերման աղբիւրը, նպատակները պարզելու, նշուած անձերու գործողութիւններուն իրաւական գնահատական տալու ուղղութեամբ: