image

Ռուսական զօրախումբի առջեւ դրուած է Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման խնդիրը. Շոյկու

Ռուսական զօրախումբի առջեւ դրուած է Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման խնդիրը. Շոյկու

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմերը կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ եւ Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հիմքն ու երաշխաւորը: Այս մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան ընդլայնուած կազմով նիստին յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։

«Ռուսական զօրախումբի առջեւ դրուած է յաջորդ տարի Սուրիոյ եւ Ղարաբաղի մէջ՝ փոփոխուող իրավիճակի պայմաններուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման խնդիրը», -աւելցուցած է Շոյկուն:

Ռուսիոյ բանակն աշխարհի մէջ ամենամարտունակն է

Ներկայիս Ռուսիոյ Զինուած ուժերն աշխարհի ամենամարտունակ բանակն են։ Այս մասին եւս յայտարարած է  Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։ Անոր խօսքով՝ ռուսական բանակի զինատեսակները փորձարկուած են մարտական պայմաններու մէջ՝ ապացուցելով որակն ու արդիւնաւէտութիւնը։ Յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքին աւելի քան 650 հազար զինուորական ձեռք բերած է մարտական փորձ, աւելցուցած է Շոյկուն։ Ան նաեւ նշած է, որ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն ի վեր Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կորսնցուցած է առնուազն 383 հազար զինուորական, ինչպէս նաեւ 14 հազար հրասայլ, հետեւակի մարտական մեքենայ եւ զրահափոխադրիչ, 553 օդանաւ, 259 ուղղաթիռ, 8,5 հազար հրետանի եւ համազարկային կրակի համակարգ։