Ուքրանիոյ Մարդու իրաւունքներու հելսինքեան միութեան ծրագրի ղեկավար, Մարդու իրաւունքներու մետիա նախաձեռնութեան համակարգող Օլկա Ռեշեթիլովան յայտարարած է Զափորոժիէի մարզի Պերտիանսք քաղաքին մէջ 16-ամեայ Տիգրան Յովհաննիսեանի եւ Նիքիթա Խանկանովի սպանութեան մասին:
Անոր խօսքով՝ այս գործով դե կան բազմաթիւ անյայտ հանգամանքներ։ Այս մասին Ռեշեթիլովան գրած է դիմատետրի էջին:
Ինչպէս գրած է nv.ua կայքը, Զափորոժիէի «Մենք Ռուսիոյ հետ ենք» հասարակական շարժման ղեկավար Վլատիմիր Ռոկովը 24 յունիսին յայտարարած էր ռուսական ուժերու կողմէ երկու ուքրանացիի սպանութեան մասին՝ անոնց անուանելով «ահաբեկիչներ»։
«Պերտիանսքի մէջ հրաձգութեան մանրամասները. վերացուած է երկու ուքրանամէտ ահաբեկիչ: Ժամը 19:00-ի սահմանին, երբ բնակիչները ընտանիքներով կը հանգստանային լողափին, երկու գրոհային կրակ բացած են», - գրած է Ռոկովը թելեկրամեան իր ալիքին մէջ:
Ռոկովի խօսքով՝ իրաւապահ մարմիններու լաւ համակարգուած գործողութիւններու շնորհիւ «ահաբեկիչները» սպանուած են:
«Այս պահուն յայտնի է, որ անոնցմէ մէկը եղած է Տիգրան Յովհաննիսեանը, որ նախապէս կալանաւորուած է հակառուսական գործունէութեան համար»,- ընդգծած էր Ռոկովը։
Իր հերթին obozrevatel.com-ը մանրամասնած է, որ անչափահասներ Տիգրան Յովհաննիսեանն ու Նիքիթա Խանկանովը սպանած են ռուս «բռնագրաւող մը» եւ ռուսական ուժերու հետ համագործակցող ուքրանացի ոստիկան մը:
Ընկերային ցանցերու մէջ յայտնուած է Տիգրանի մասնակցութեամբ տեսանիւթը, ուր ան զէնքով ու մարտավարական ձեռնոցներով է եւ կ'ըսէ. «Երկուքը հաստատ, սա մահ է, տղաք։ Մնա՛ք բարով: Փա՛ռք Ուքրանիոյ»: Աղբիւրը նկատած է, որ հաւանաբար «երկուքը հաստատ» ըսելով՝ անչափահասը նկատի ունեցած է երկու հոգիի սպանութիւնը: