image

Ռուսաց մեծամասնութիւնը կը վստահի Փութինին

Ռուսաց մեծամասնութիւնը կը վստահի Փութինին

Ռուսերու կարծիքով երկրի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին կը շարունակէ ըլլալ երկրի թիւ մէկ վստահութիւն ունեցող մարդը։ Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման համառուսաստանեան կեդրոնը հարցախոյզ իրականացուցած է, որու համաձայն ռուսերու 80,7%-ը կը վստահի Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինին, իսկ 63,5%-ը՝ վարչապետ՝ Միխայիլ Միշուսթինին։

Ընդհանուր առմամբ, ռուսերու 77,8%-ը հաւանութիւն կու տայ Փութինի գործունէութեան, 51,2%-ը՝ Միշուսթինին, իսկ 51,3%-ը՝ կառավարութեան գործունէութեան։

Հարցուողները նաեւ խօսած են Պետդումայի խմբակցութիւններու ղեկավարներու նկատմամբ իրենց վստահութեան մակարդակին մասին։ Կենատի Զիւկանովին կը վստահի հարցուողներու 29,9%-ը,  Սերգէյ Միրոնովին՝ 30%–ը,  Լէոնիտ Սլուցկուին՝ 16,6%–ը,  Ալեքսէյ Նեչաեւին՝ 7,6%–ը։