image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս խաղաղապահները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին փոխանցած են 1900 դիակ

Ռուս խաղաղապահները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին փոխանցած են  1900 դիակ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուելէ յետոյ ռուս խաղաղապահներու կողմէ աւելի քան 1900 դի վերադարձուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տեղական իշխանութիւններուն։ Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի Հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատարի տեղակալ Ռուսթամ Մուրատովը։

Խաղաղապահներու ձեռքով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տեղական իշխանություններուն վերադարձուած է սպաննուածներու աւելի քան 1960 մարմին: Մինչ օրս մենք կը շարունակենք որոնողական աշխատանքները։

Երկու կողմերէն 100-է աւելի զինուորներ ազատած են գերութենէն եւ վերադարձած են հայրենիք։