image

Ռուս խաղաղապահներու թեմայով Քրեմլէն յստակեցում

Ռուս խաղաղապահներու թեմայով Քրեմլէն  յստակեցում

Պատասխանելով Սոչիի Ռուսիոյ Դաշնութիւն-Հայաստան-Ատրպէյճան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ԼՂ-ի մէջ խաղաղապահներու մանտաթը երկարացնելու վերաբերեալ փաստաթուղթի ստորագրութեան հնարաւորութեան մասին հարցին՝ ՌԴ-ի նախագահի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով առաջարկած է սպասել հանդիպման։

Աւելի վաղ Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է ռուս խաղաղապահներու մանտաթը 10-20 տարիով երկարաձգելու պատրաստակամութեան մասին՝ նշելով, որ Ռուսիան պէտք է որոշէ ժամկէտները։

«Պէտք է սպասել հանդիպման»,-ըսած է Փեսքով, գրած է «ՌԻԱ Նովոստին»։

Նշենք, որ Սոչիի մէջ 31 հոկտեմբերին նախատեսուած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի, ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: