Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինուորները բարերարներու հետ համատեղ շուրջ 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Խնուշինակ համայնքի կարիքաւոր եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն:
«Այսօր բարեգործական «Մերսի» ընկերակցութեան հետ համատեղ Խնուշինակ գիւղին մէջ կատարուած է բարեգործական աշխատանք, որուն մասնակցած են բոլոր բնակիչները: Բազմազաւակ ընտանիքներուն յատկացուցած են տնտեսական իրեր, կազօճախներ, բոլոր բնակիչներուն յատկացուած են հագուստ եւ կօշիկներ: Այդ համայնքին մէջ կ'ապրի 10 բազմազաւակ ընտանիք, առաջինէն մինչև չորրորդ դասարանի դպրոցականները 60 հոգի են: Գիւղի բոլոր դպրոցականները կօշիկներ ստացած են», ըսած է ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայացուցիչ Տմիթրի Թուսիտին:
Այս ծիրին մէջ օգնութիւն ստացած է գիւղի շուրջ 1000 բնակիչ: