image

Ռուբէն Վարդանեանի կալանքը երկարացնելու որոշման դէմ բողոքը մերժուած է

Ռուբէն Վարդանեանի կալանքը երկարացնելու որոշման դէմ բողոքը մերժուած է

Պաքուի վերաքննիչ դատարանը մերժած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը՝ ուժի մէջ թողելով անոր կալանքը երկարացնելու մասին առաջին ատեանի դատարանի որոշումը։ Այս մասին յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ապօրինաբար կալանաւորուած Ռուբէն Վարդանեանի պաշտպանը բողոքարկած է իր պաշտպանեալի կալանքը եւս չորս ամիսով երկարաձգելու դատարանի որոշումը։

Վարդանեանը, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի պետական ​​անվտանգութեան ծառայութեան քննչական մեկուսարանին մէջ, անցեալ տարուան սեպտեմբերին Արցախէն հեռանալու փորձի ժամանակ ապօրինաբար ձերբակալուած է Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան կողմէ՝ մեղադրուելով «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման», «օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներու կամ խումբերու ստեղծման ու գործունէութեան մասնակցելու», «Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինի հատելու» համար: