Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի կալանաւորման ժամկէտը երկարացգուած է եւս չորս ամիսով, յայտնած է ատրպէյճանական «ԱՊԱ» գործակալութիւնը։
Վարդանեանը ձերբակալուած էր 2023-ի սեպտեմբեր 27-ին՝ Հագարիի կամուրջի ատրպէյճանական անցակէտին վրայ։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ երեք յօդուածով մեղադրանք առաջադրած են։ Անոր դէմ քրէական գործ յարուցուած է «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, զինուած ստորաբաժանումներ եւ/կամ խումբեր ստեղծելու ու ատոնց մասնակցելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանը ապօրինի հատելու» յօդուածներով։
Ըստ ատրպէյճանական մեղադրանքի՝ անոր կը սպառնայ մինչեւ 14 տարուան ազատազրկում։