image

Ռոպերթ Քոչարեանի ընտանիքի բոլոր անդամները դատախազութեան պիտի ներկայանան

Ռոպերթ Քոչարեանի ընտանիքի բոլոր անդամները դատախազութեան  պիտի ներկայանան

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ընտանիքի բոլոր չափահաս անդամները հրաւիրուած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն։ Համապատասխան ծանուցագրերը հրապարակուած են ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան azdarar.am կայքին մէջ։

Մասնաւորաբար, դատախազութիւն հրաւիրուած են Ռոպերթ Քոչարեանն ու կինը` Պելա Քոչարեանը, աւագ որդին` Սեդրակ Քոչարեանը եւ անոր կինը` Զարուհի Բադալեանը, կրտսեր որդին` Լեւոն Քոչարեանը եւ կինը` Սիրանուշ Յարութիւնեանը, դուստրը` Գայեանէ Քոչարեանն ու ամուսինը` Վիգէնը Չատինեանը։

«Ղեկավարուելով «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի 16-րդ եւ 17-րդ յօդուածներով ծանուցում եմ, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնում Ռոբերտ Սեդրակի Քոչարեանին եւ Սեդրակ Ռոբերտի Քոչարեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ իրականացւում են ուսումնասիրութիւններ, որոնց արդիւնքում կազմուել են ամփոփագրեր, ինչի հիման վրայ Ձեր անուամբ հաշուառուած գոյքը հանդիսանում է բռնագանձման առարկայ»,– նշուած է բոլորին ուղարկուած ծանուցագրերուն մէջ։

Աւելցնենք, որ Քոչարեանի ընտանիքի բոլոր անդամները դատախազութիւն հրաւիրուած են 1 օգոստոսին՝ ժամը 14:30-ին։