image

Ռանի Ղարիպեան Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրաւ

Ռանի Ղարիպեան Կլենտէյլի Քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրաւ

Համայնքային ղեկավար, փոքր ձեռնարկատէր եւ Կլենտէյլի երկար տարիներու բնակիչ Ռանի Ղարիպեան պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը յայտարարած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 2 Յունիսին:

Ղարիպեանի ընտրապայքարը հիմնուած է անոր երկար տարիներու փորձառութեան, համայնքային սպասարկութիւններու պատմութեան եւ քաղաքին բարգաւաճումը ապահովելու՝ անոր նուիրուածութեան վրայ:

Ղարիպեան զաւակն է առաւել քան 43 տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած ընտանիքի մը: 15 տարեկանին Կլենտէյլ հաստատուելով՝ ան յաճախած է Հուվըր երկրորդական վարժարանը:

Վերջին առաւել քան 30 տարիներուն, Ղարիպեան իր եղբօր հետ ստանձնած է իր ընտանիքին սեփականութիւնը հանդիսացող փոքր ձեռնարկութեան մը վարչութիւնը եւ անոր միջոցաւ օժանդակած է քաղաքացիներու եւ փոքր ձեռնարկութիւններու, որպէսզի ելեւմտական ճիշդ որոշումներ տան:

Ան նաեւ եղած է Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ եւ 8 տարիներ եղած է քաղաքի համայնքային զարգացման յանձնաժողովին անդամ, նեցուկ կանգնելով շարք մը համայնքային կազմակերպութիւններու գործունէութեան:

Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ronnieforglendale.com կայքը: