«Օմիքրոն» տարբերակի յառաջացումը կը նշանակէ, որ համավարակի ամենասուր շրջանը կը մօտենայ աւարտին։ Այս մասին կը գրէ Bloomberg-ը՝ վկայակոչելով հարաւափրիկեցի գիտնականները:
Բժիշկներու խումբը հետազօտութիւն կատարած է հիւանդանոցին մէջ, ուր անոնք արձանագրած են «Օմիքրոն»ի առաջին բռնկումը. վերլուծած են 466 հիւանդներու գրառումները, որոնք հիւանդացած են COVID-19-ի ընթացիկ ալիքի ժամանակ, եւ հիւանդութեան նախորդ 3976 դէպքերը:
«Վարակի ալիքը աննախադէպ արագութեամբ կը շարժէր եւ շատ աւելի մեղմ հիւանդութիւններ յառաջացուց, քան աւելի վաղ գրանցուած տարբերակները: Եթէ այս օրինաչափութիւնը շարունակուի եւ կրկնուի ամբողջ աշխարհի մէջ, մենք, ամենայն յաւանականութեամբ, հիւանդացութեան եւ մահացութեան ցուցանիշներու ամբողջական տարանջատում կը տեսնենք», կ'ըսեն հեղինակները: