image

«Քորոնա»էն մահացած է յայտնի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի դուստրը

«Քորոնա»էն մահացած է յայտնի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի դուստրը

Ոչ եւս է ողիմպիական եռակի ախոյեան, աշխարհահռչակ մարմնամարզիկ Ալպերթ Ազարեանի դուստրը՝ Ժաննա Ազարեան-Սարգսեանը։ Անոր մահուան պատճառը Գորոնա ժահրային հիւանդութիւնն է։ 64-ամեայ ուսուցչուհին ունեցած է նաեւ ուղեկցող հիւանդութիւններ:

Հարկ է նշել, որ չորս օր առաջ մահացած էր Ալպերթ Ազարեանի կինը՝ Էլիզապեթա Ազարեան եւ յուղարկաւորուած էր 7 Հոկտեմբերին:

Նիկոլ Աղբալեանի անուան դպրոցը ցաւակցական յայտարարութիւն տարածած է, ուր կ'ըսուի. «Կենսախինդ, բանիմաց, աշակերտասեէր մեր ուսուցչուհին իր հետաքրքիր ու անմոռաց դասերով սիրելի էր աշակերտներուն համար: Գործընկերները եւս չեն պատկերացներ իրենց դպրոցական առօրեան առանց սիրելի Ժաննայի: Մեր խորին ցաւը կը յայտնենք Ժաննա Ալպերթովնայի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, մերձաւորներուն մեծ կորուստի համար: Ան դեռ շատ ըսելիք եւ ընելիք ունէր: Իր կրթած բազմաթիւ սերունդներու եւ գործընկերներու սրտին մէջ Ժաննան միշտ պիտի յիշուի որպէս լաւ ընկեր, լաւ մարդ, լաւ քաղաքացի եւ լաւագոյն ուսուցչուհի: Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, մեր սիրելի Ժաննա»: