image

Քոչարեան ընդգրկուն ելոյթ պիտի ունենայ Երկուշաբթի օրուան հանրահաւաքին

Քոչարեան ընդգրկուն ելոյթ պիտի ունենայ Երկուշաբթի օրուան հանրահաւաքին

«Սա խորհրդարանական ընտրութիւններից յետոյ «Հայաստան» դաշինքի հրաւիրած առաջին հանրահաւաքն է եւ բնական է, որ դաշինքի ղեկավար, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ոչ միայն ներկայ է լինելու հանրահաւաքին, այլ նաեւ ընդգրկուն ելոյթով է հանդէս գալու՝ անդրադառնալով կուտակուած հարցերին», յայտարարեց «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Ակնեսա Խամոյեանը՝ անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք Նոյեմբեր 8-ի հանրահաւաքին ելոյթով հանդէս պիտի գայ նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Պատգամաւորը միաժամանակ ընդգծեց, որ իրեն կը զարմացնէ հանրահաւաքին՝ նախագահ Քոչարեանի մասնակցութեան եւ ելոյթի մասին տրուելիք հարցերը, նկատելով, որ ոչ իրենց դաշինքի նպատակները փոխուած են, ոչ ալ նախագահ Քոչարեանը ետ կանգնած է պայքարէն՝ այն է օր առաջ ձերբազատիլ այս իշխանութիւններէն։

«Ընտրութիւններից յետոյ տարբեր գնահատականներ կը հնչեն մեր գործունէութեանը, կան տեսակէտներ, թէ մենք միայն խորհրդարանական պայքարով ենք բաւարարուել, մեր երկրի ճակատագիրը շարունակում է վտանգուած մնալ, աշխարհաքաղաքական օղակը մեր շուրջ սեղմւում է, եւ այս պայմաններում,  կարծում եմ, մեր երկրի ճակատագրով անհանգիստ քաղաքացիները վստահաբար Նոյեմբերի 8-ի հանրահաւաքում կը ստանան իրենց յուզող հարցերի պատասխանները», յայտարարեց պատգամաւորը, ընդգծելով, որ Նոյեմբեր 8-ին պիտի դրուի համահայկական դիմադրութեան մեկնարկը։