image

Քրիստոնեայ անմեղ երիտասարդին սպանութեան դէպքը՝ ցնցեց հասարակութիւնը. Ապօրինի զէնքի խնդիրը ական է Լիբանանի համար

Քրիստոնեայ անմեղ երիտասարդին սպանութեան դէպքը՝ ցնցեց հասարակութիւնը. Ապօրինի զէնքի խնդիրը ական է Լիբանանի համար

Քրիստոնեայ երիտասարդ ուսանող՝ Էլիո Ապու Հաննայի սպանութիւնը կրկին անգամ «ջուրի երես» հանեց Լիբանանի մէջ առկայ ապօրինի զէնքի հիմնախնդիրը։ 

 Սպանութեան դէպք մը ցնցեց Լիբանանի հասարակութիւնը եւ գլխաւոր խնդիրն այս պարագային ապօրինի զէնքի խնդիրն է, որուն հիմնական «առանցք»ը եւ բոյնը Լիբանանի մէջ առկայ Պաղեստինեան գաղթակայաններն են։

 Լիբանանի պատերազմին պատճառ եղած «Պաղեստինեան խնդիր»ը կը շարունակէ մնալ հրատապ... 

 

 Սագօ Արեանի էջ-էն կը կարդանք՝

 Օրերս Լիբանանի մէջ շատ աշխոյժ կերպով քննարկութեան դրուած է ապօրինի զէնքի խնդիրը։ Այդ երեւոյթը ՝ ապօրինի զէնք ունենալը Լիբանան բերած են պաղեստինցիները, եւ այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ իրենց ուզած ոճով եւ «նախասիրութիւններ»ով։ 

 

 Ճիշդ է, որ գրեթէ երկու ամսին առաջ գրած էի այս նիւթին մասին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սկիզբ մը դրած էր  յատկապէս Պաղեստինեան ապօրինի զէնքի հաւաքման, բայց հարցը այդքան արմատացած է, որ կը կարօտի երկար ժամանակի։

 Լիբանանցի ժողովուրդին աւելի քան ութսուն առ հարիւրը կողմ է, որ Պաղեստինեան գաղթակայաններու հարցը լուծուի եւ անոնք մտնեն պետական մարմիններու հովանիին տակ … 

Բայց եկուր տես, որ այս փափաքը կը շարունակէ մնալ «երազանք»։ 

Մանրամասնութիւններուն մէջ Քրիստոնեայ երիտասարդ՝ Էլիո Ապու Հաննա իր ճանապարհը շփոթած է եւ յայտնուած Պէյրութի նշանաւոր գաղթակայաններէն՝ «Շաթիլա» գաղթակայանին դիմաց… Տեսնելով ապօրինի անցարգելներ կազմած զին եալներն ու անոնց հրամանը՝ կանգնելու վերաբերեալ, ան շարունակած է քշել ինքնաշարժը ու …. փամփուշտներու տարափի մը տակ գտնուելով տեղն ու տեղը սպաննուած…։

Ծանր թախիծի մատնուած Էլիոյի ծնողները, որ երէկ  մասնակցութիւն բերին Մարսէլ Ղանէմի հաղորդման նշեցին, որ եղածին առընթեր վրէժ չեն փնտռեր, իրենց ուզածը վրիժառութիւն մը չէ, այլ Լիբանանի համար մեղ տագնապ հանդիսացող ապօրինի զէնքի խնդրին լուծումը։

 Ստորեւ Էլիո Ապու Հաննայի սպանութեան դէպքին մասին լիբանանեան «Նիտա ալ ուաթան» պարբերականին մէջ լոյս տեսած մեկնաբանութիւնը։

 

Էլիոյի սպանութիւնը պէտք է դառնայ ահազանգ

Էլիոյի մահը պէտք է ըլլայ նշան՝ լիբանանեան բանակին կողմէ բոլոր պաղեստինեան ճամբարներու մէջ անօրինական զէնքը առգրաւելու եւ անվտանգութեան վերահսկողութիւնը վերականգնելու համար։ Ամէն քայլ, որ պակաս է այդ միջոցէն, պիտի նշանակէ հնազանդութիւն՝ պաղեստինեան զինեալներու ահաբեկչութեան։ Այս ճամբարներուն մէջ կան մարդասպաններ, գողեր, բռնաբարողներ, թմրամոլներ ու թմրեցուցիչի վաճառականներ։ Այս ճամբարներուն մէջ պահուած են թեթեւ եւ ծանր զէնքեր՝ սպասելով հրամաններու՝ որ պիտի տրուին իրենց իրանեան հովանաւորներէն։

Եւ այսօր՝ երբ լուր տարածուեցաւ, թէ բանակը կը խնդրէ Շաթիլայի պատասխանատուներէն՝ հանձնել Էլիոն սպաննողը, ի՞նչպէս կարելի է ըսել, որ լիբանանեան իշխանութիւնը կը հանդուրժէ, որ բանակը իր երկրի մէջ, ոչ-լիբանանցիներէն «խնդրէ» մեղաւորը։ Ո՞ւր են պատգամաւորները, նախարարները, կուսակցական ղեկավարները։ Ինչո՞ւ ոչ ոք կը հրաւիրէ ցոյցի կամ բողոքի։ Ի՞նչի կը սպասենք։

Այսօր զոհն Էլիոն էր, վաղը կրնան ըլլալ մեր զաւակները, գուցէ ձերն ալ։ Քանի որ մարդասպանները չեն տարբերեր։ լիբանանցիներու մեծ մասը այսօր զգաց, որ պաղեստինեան ճամբարներու կարծեցեալ զինաթափումը խաղ էր։ Եթէ իշխանութիւնը կը վախնայ պաղեստինեան զէնքէն, աւելին պիտի չհամարձակի չի «դպնալ» «Հըզպալլա»ի զէնքին։