image

«ՔՊ-ին միայնակ ենք թողում Արցախը վաճառելու իր ծրագրի հետ, այս ԱԺ-ն պատմութեան մէջ ամենախայտառակն է». Իշխան Սաղաթէլեան

«ՔՊ-ին միայնակ ենք թողում Արցախը վաճառելու իր ծրագրի հետ, այս ԱԺ-ն պատմութեան մէջ ամենախայտառակն է». Իշխան Սաղաթէլեան

Քաղաքացիական պայմանագիրը (ՔՊ) առանձին պիտի ձգենք Արցախը վաճառելու իր ծրագրի հետ. այս Ազգային Ժողովը պատմութեան մէջ ամենախայտառակն է: Այս մասին այսօր «Հայաստանի իրական օրակարգը» թեմայով քննարկման ընթացքին նշած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը։

Սաղաթէլեանն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր կարեւոր օրակարգերու շուրջ պիտի նախաձեռնեն նմանատիպ քննարկումներ։

«Երբ մենք քննարկում ենք ՀՀ-ի առջեւ ծառացած խնդիրները, ԱԺ-ի պատերի ներքոյ շարունակւում է կրկէս յիշեցնող շոուն», - ընդգծած է Սաղաթէլեանը՝ անդրադառնալով Ազգային Ժողովի աշնանային նստաշրջանի մեկնարկին։

Պատգամաւորը յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կան մարդիկ, որոնք ի զօրու են առաջնորդելու  ժողովուրդը պատմական այս ծանր ժամանակահատուածին։