Հիւսիսային Քորէան հրապարակած է առայսօր իր ամենամեծ միջցամաքամասային պալիսթեան հրթիռի (ICBM) արձակման լուսանկարները, որոնցմէ դատելով` երկրի ղեկավար Քիմ Չեն Ընը բաւականին գոհ է:
«Daily Mail»-ը կը նկատէ, որ լուսանկարներում Կիմ Չեն Ընը կը ժպտի եւ կը ծափահարէ` հետեւելով «Hwasong»-17-ի յաջող ընթացքին: Հրթիռը այնպէս արձակուած է, որ որեւէ պարգային չիյնայ դրացիներու տարածքային ջուրերը:
Կը նշուի, որ սա Հիւսիսային Քորէայի կողմէ 2017-էն ի վեր ICBM-ի առաջին արձակումն էր:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ հրթիռը 67 վայրկեան տեւած թռիչքի ընթացքին հասած է առաւելագոյն 6,248 քմ բարձրութեան եւ անցած 1,090 քմ տարածութիւն, ապա ինկած է ջուրը:
