image

Քիեւ պէտք է ինքնորոյն որոշէ ինչպէս օգտագործել իրեն մատակարարուող զէնքերը. Պլինքըն

Քիեւ պէտք է ինքնորոյն  որոշէ ինչպէս օգտագործել իրեն մատակարարուող զէնքերը. Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսած է, որ ամերիկեան վարչակազմը դեռ չէ հանած ռուսական տարածքը հարուածելու համար ամերիկեան զէնքի օգտագործման սահմանափակումները, սակայն Քիեւը պէտք է ինքնուրոյն որոշում կայացնէ իր ունեցած զէնքի օգտագործման հարցով։

Միեւնոյն ժամանակ արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուցած է, որ «Քիեւն ունի բոլոր անհրաժեշտ միջոցները այդ ընելու համար»:

Ինչպէս հաղորդուած է, նախօրէին խումբ մը ամերիկացի քոնկրեսականներ՝ Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահ Մայք Թըրնըրի գլխաւորութեամբ, խմբային նամակով պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթընէն պահանջած են թոյլ տալ Ուքրանիոյ ԱՄՆ-ի մատակարարած զէնքերն օգտագործել Ռուսիոյ մէջ թիրախները հարուածելու համար։