image

Քեսապի մէջ. Գերշ. Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեան շնորհաւորութիւններ ընդունեց (Լուսանկարներ)

Քեսապի մէջ. Գերշ. Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեան շնորհաւորութիւններ ընդունեց (Լուսանկարներ)

Օրերս, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սահակեան սրահէն ներս Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան ընդունած է շնորհաւորանքներ ժողովուրդին կողմէ Վարդապետական կարգ ստանալուն առիթով։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ  դիմատետրեան էջին եղած գրառումէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Կիրակի 19 Մայիս 2024-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սահակեան սրահէն ներս գիւղիս Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան ընդունեց շնորհաւորանքներ ժողովուրդին կողմէ Վարդապետական կարգ ստանալուն առիթով։ 

Յայտնենք, որ շնորհաւորութիւնները սկիզբ առին եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Վիգէն Լնդեանի սրտի խօսքով։ Որմէ ետք հայր սուրբին փոխանցեց ձեռաց խաչ մը, անոր մաղթելով բարի ու ծաղկուն ծառայութիւն։ 

Իր կարգին նաեւ շնորհաւորական խօսք արտասանեց Գեր. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան , մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ բեղուն առաքելութիւն Քեսապէն ներս։ 

Աւարտին հայր սուրբը խօսք առնելով փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին որ արժանի նկատեց զինք Վարդապետական այս աստիճանը ստանալու։ Ապա Հայր Եսային շնորհակալութիւն յայտնեց Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ու ներկայ ժողովուրդին որոնց ջանքերով կազմակերպուած էր սոյն շնորհաւորական այցելութիւնները։ 

Աւարտին բոլոր ներկաները մօտեցան ու շնորհաւորեցին հայր սուրբը մաղթելով  յաջողութիւն եւ ընդ երկար ծառայութիւն։