Օրերս, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք հայ համայնքներուն, Քեսապի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նշուած է Վարդանանց տօնը, որուն մասնակցած են Քեսապի երեք համայնքներուն հոգեւոր պետերը, ազգային ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայեր։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Քեսապի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քեսապի երեք հայ համայնքներուն, Հինգշաբթի` 8 Փետրուար 2024-ին, ժամը 12:00-ին, Քեսապի Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ»։
Ներկայ էին Քեսապի երեք համայնքներուն հոգեւոր պետերը , ազգային ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայեր։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս ի յարգանս Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ հայրենիքներուն հին եւ նոր նահատակաց յիշատակին։
Բացման խօսքը կատարեց Քեսապի Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ` Գերապատիւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան։ Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ` հոգեշնորհ հայր Եսայի Աբղ. Էօրտէքեան, իսկ փակման խօսքը կատարեց Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւ Պատուելի Շանթ Ակիշեան։
Օրուան հանդիսավարն էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ Սօսի Կարճիկեան, ան հերթաբար բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց գեղարուեստական բաժինի ներկայացումները, որ կ'ընդգրկէր`
- Հայ Աւետ. Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներու խմբական երգ “ Մենք Քաջ Վարդանի Տոհմէն Ենք” եւ “Հաւատքս Չեմ Մոռանայ” ։
- Ազգային Ուսումն. Միացեալ Ճեմարանի աշակերտներու ներկայացում Վարդանանցի նուիրուած կենդանի պատկեր մը։
- Հայ Աւետ. Նահատակաց Միացեալ Վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու արտասանութիւն “ Քաջ Վարդան Մամիկոնեան” Գէորգ Պետիկեանի։
- Ասմունք Գարլա Աթիքեան “Խորհուրդ Վարդանանց” Վահան Թէքէեանի։
- Համազգայինի “Հ. Օհանջանեան” մսնճ. “Կիլիկիա” երգչախումբի եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի միասնական կատարումով եւ ընկերակցութեամբ դաշնամուրի, եւ նուագակցութեամբ Տիկին Անի Պոյմուշակեանի, բունջ մը Վարդանանցի նուիրուած խմբերգներ։
- Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասէն, մեներգ «Լռեց» Կատարողութեամբ «Սիլվա Լնդեանի»։
- Ասմունք Պարոյր Սեւակի “Քիչ Ենք Բայց Հայ Ենք” Կարօտ Արծիւ Սարգօ ընկերակցութեամբ դուտուկի Ժոզէֆ Արամեանի։
Հուսկ, բոլոր ներկաները երգչախումբին հետ միասնաբար ոգեւորուած երգեցին “Կիլիկիա” մաղթերգը, ապա հոգեշնորհ Տ. Եսայի աբղ. Էօրտէքեանի Պահպանիչով փակուեցաւ աւանդական ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ։