image

Քատիրով հետախուզման տակ

Քատիրով հետախուզման տակ

Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը հետախուզում յայտարարած է Չեչնիայի ղեկավար Ռամզան Քատիրովի նկատմամբ: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն՝ յղում ընելով գերատեսչութեան տուեալներու կայանին:

Փաստաթուղթի համաձայն՝ ան կը մեղադրուի երկու յօդուածով, այդ շարքին՝ «թշնամական պատերազմ կամ թշնամական ռազմական գործողութիւններ վարելը»։

Ուքրանիոյ քրէական օրէնսգիրքի համաձայն՝ այն 10-15 տարի ժամկէտով ազատազրկում կը նախատեսէ։