image

Քաթարի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան այցելած է Մեսրոպեան վարժարան (Լուսանկար)

 Քաթարի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան այցելած է Մեսրոպեան վարժարան (Լուսանկար)

 

 ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի Առաջնորդ ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, որ օրերս հովուական այցով մը կը գտնուի Քաթար, այցելութիւն տուած է գաղութի «Մեսրոպեան» միօրեայ վարժարան։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Սրբազան Հօր այցելութիւնը Տոհայի Մեսրոպեան Ազգ. Միօրեայ Վարժարան

Ա.Մ.Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան դէպի Քաթար իր հովուական այցելութեան երկրորդ օրը՝ Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2023-ի, առաւօտուն այցելեց Տոհայի Մեսրոպեանը Ազգ. Միօրեայ Վարժարան։ Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէր Քաթարի Ազգ. Գործադիր Մարմնի ատենապետ՝ Պրն. Վիգէն Թաթարեան։

Սրբազան հայրը առիթը ունեցաւ մօտէն հետեւելու վարժարանի գործունէութեան եւ զրուցեց աշակերտներուն հետ։ Ան բարձր գնահատեց ուսուցչակազմի նուիրուածութեամբ կատարած աշխատանքը՝ անոնց ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցումը հայապահպանութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ։