Արցախի Քարվաճառի շրջանին մէջ (44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ) ականի պայթումէն վիրաւորումներ ստացած է ատրպէյճնացի զինուոր Այխան Ճամալզատէն:
Դէպքը տեղի ունեցած է Ապրիլ 19-ին Աղջաքենդ գիւղի ուղղութեամբ: Զինուորը տեղափոխած են հիւանդանոց: