image

«Քառակողմ հանդիպման թեման օրակարգի նիւթ». Ռուսական մամուլ

«Քառակողմ հանդիպման թեման օրակարգի նիւթ». Ռուսական մամուլ

Անգարան Մոսկուայի հետ դեռ չէ քննարկած Փութինի, Էրտողանի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի հանդիպման առաջարկը, սակայն կան ծրագրեր: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Անգարայի մէջ դիւանագիտական աղբիւրը։

Վերջինս աւելցուցած է, որ Անգարայի առաջարկած հանդիպման ժամկէտի եւ վայրի վերաբերեալ դեռ յստակութիւն չկայ. կը պահանջուի բոլոր կողմերու փոխհամաձայնութիւնը:

«Հանդիպման օրը եւ վայրը որոշելու համար մեզի անհրաժեշտ է նախ բոլոր կողմերու փոխհամաձայնութիւնը մեր առաջարկած նախաձեռնութեան շուրջ: Առայժմ հարցն առաջարկի մակարդակի վրայ է, ոչ մէկ յստակութիւն»,- նշած է գործակալութեան զրուցակիցը։

«Ոչ, (Անգարայի նախաձեռնութեան մասին) դեռ ոչ մէկ քննարկում չէ եղած, բայց նման ծրագրեր կան»,- աւելցուցած է աղբիւրը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը վերջերս առաջարկած էր Արցախի հարցով Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու քառակողմ հանդիպում կայացնել։

«Այդպիսի առաջարկ ըրած ենք։ Այսինքն՝ ես, Փութինը, Իլհամ Ալիեւը եւ Փաշինեանը։ Ես ըսեր եմ՝ եկէք հանդիպինք, միասին քննարկենք քայլերը, որ պէտք է կատարուին։ Տուեալ պահուն այս առաջարկին ո՛չ բացասական, ո՛չ դրական պատասխաններ չենք ստացած», -ըսած էր Էրտողան:

Անոր խօսքով՝ քառակողմ հանդիպման նախաձեռնութեան նպատակն է, որ բանակցութիւնները վարեն այն երկիրներու առաջնորդները, որոնք առնչութիւն ունին խնդրին, այլ ոչ թէ Արցախի թեմայի հետ կապ չունեցող կողմերը։