Քաննի փառատօնը յայտարարած է, թէ կ'արգիլէ ռուսաստանեան պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը այս տարուայ միջոցառումներուն, քանի դեռ ուքրանական հակամարտութիւնը չէ աւարտած: Ընդ որում, հեղինակաւոր փառատօնին կազմակերպիչ կոմիտէն յատուկ նախապայման դրած է` արգելանքը կը հանուի, եթէ ճգնաժամը հանգուցալուծուի «Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար ընդունելի կերպով»:
Արեւմտեան շարք մը արուեստագէտներ ու երաժիշտներ չեղարկած են իրենց համերգները Ռուսաստանի մէջ` պահանջելով դադրեցնել ռուսական յարձակումը Ուքրանիոյ դէմ:
Միւնիխի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբն ալ պաշտօնանկ ըրած է գլխաւոր խմբավար, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մտերիմ յարաբերութիւններով յայտնի Վալերի Կերկիեւը: Պաշտօնական պարզաբանման մէջ նշուած է, որ երաժիշտը հրաժարած է միանշանակ եւ անվերապահ դատապարտել Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա: