«ՀայաՔուէ» նախաձեռնութեան, մէկ շաբթուան ընթացքին, միացած է 14800 մարդ։ Այս մասին ասուլիսին ըսած է նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալաբեան։
Ան յայտնած է, որ քուէարկողներէն 10 հազարը Երեւանի 12 վարչական շրջաններէն են, 4500–ը` մարզերէն, եւ 330-ը ելեկտրոնային ստորագրութիւններ են։ Այս ընթացքին նախաձեռնութիւնը գործարկած է 12 քուէարկութեան կէտ Երեւանի եւ 14 քուէարկութեան կէտ մարզերու մէջ։
«Ինչ-որ իմաստով այդ «ՀայաՔուէի» սերտիֆիկատը (վկայագիր) դարձած է հայ արժանապատուութեան վերականգնման հաւաստագիր։ Սա պարզապէս օրէնսդրական նախագիծ չէ, սրա իմաստն այն է, որ մենք՝ որպէս ազգ, պահպանում ենք մեր ինքնութիւնը, հետամուտ ենք լինում մեր երկարաժամկէտ ազգային շահերին եւ նպատակներին, չենք յանձնւում թշնամու ճնշումների առաջ, չենք յանձնւում նաեւ թշնամու տեղական կամակատարների մանիպուլյացիաներին (խեղաթիւրումներ) եւ միաւորուելով, համախմբուելով` գնում ենք»,-ըսած է նախաձեռնութեան համակարգողը։
Ան նշած է, որ նախաձեռնութեան մեկնարկէն ի վեր` հանրային մեծ խօսակցութիւն սկսած է եւ ստորագրահաւաքի առաջին օրերէն սկսած է հակազդեցութիւնը իշխանութիւններէն։ Քաղաքապետարանի եւ համայնքապետարաններու մակարդակով խոչընդոտած են ստորագրահաւաքը։
«Մեզ համար զարմանալի չէ: Միանգամից ամենասեւ, ամենակեղտոտ, նսեմ մեթոտներով է հակազդում այս իշխանութիւնը: Երէկ ես մի գրառում եմ տեսել, որտեղ պատկերուած է Նաիրի Հունանեանը եւ գրուած է. «Սա է «ՀայաՔուէի» դէմքը»։ Ո՞նց կարող է Նաիրի Հունանեանը լինել «ՀայաՔուէի» դէմքը»։ Այն սրիկաները որոնք ցեխ կը շպրտեն այս նախաձեռնութեան դէմ, «ՀայաՔուէն» իրենց կ'ուղարկի պատմութեան աղբանոցը»,-նշած է ան։
Չալաբեան աւելցուցած է, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի բերէ իրական խաղաղութիւն, ոչ թէ պատերազմ, ինչպէս կը պնդեն իշխանութիւնները։
Յիշեցնենք, որ 20 յունիսին յայտնի դարձաւ, որ ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը բաւարարած է «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան դիմումը` 50 հազար ստորագրութիւն հաւաքելու եւ Ազգային ժողով օրէնսդրական նախաձեռնութիւն ներկայացնելու համար։
Նախաձեռնութեան անդամները կը ցանկան հանրաքուէի միջոցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումէն հրաժարելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նշանակութիւնը նսեմացնելու համար օրէնքով խիստ պատիժ նախատեսել։
Ստորագրահաւաքի համար սահմանուած է 60-օրեայ ժամկէտ՝ 2023 թուականի 21 յունիսէն 19 օգոստոսը։