Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը շղթայազերծելու համար ոչ ոքէ արտօնութիւն պիտի խնդրենք, եւ ստիպուած չենք ոեւէ մէկը անոր ժամկէտէն տեղեակ պահելու»:
«Որեւէ պահու կրնանք այդ գործողութիւնը շղթայազերծել`հիմնուելով մեր դէմ եղած ապահովական վտանգներուն մեր գնահատման վրայ», -աւելցուցած է Քալըն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնած է. «Սպասուող զինուորական գործողութեան նպատակը ահաբեկիչները հիւսիսային Սուրիայէն վտարելն է, եւ ունի քաղաքական նպատակ մը, որ Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումն է»:
«Միացեալ Նահանգներ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ հաւատարիմ չեն»,- յայտարարած է թրքական դիւանագիտութեան պետը: