image

Քաղաքացին տուգանքի ենթարկուած է ինքնաշարժի համարանիշները քամիի կողմէ փակուած նկատուելու համար

Քաղաքացին տուգանքի ենթարկուած է ինքնաշարժի  համարանիշները  քամիի կողմէ  փակուած  նկատուելու համար

«Դիմադրութիւն» շարժման ինքնաշարժի երթերէն մէկուն ընթացքին Միասնիկեան պողոտային վրայ (Նոր Նորքէնց իջնող ճանապարհին, Կամուրջի հարեւանութեամբ) ոստիկանները տուգանեցին վարորդներէն մէկը: Երթի ժամանակ ինքնաշարժին ամրացուած դրօշը փակած էր ինքնաշարժին համարանիշները, ինչ որ ոստիկանները համարեցին  վարչական իրաւախախտում եւ տուգանեցին վարորդը 25․000 դրամով:

Վարորդները կը պնդէին, որ քամին փակած է համարանիշը, իսկ լրագրողի հարցին` հիմա քամին պիտի ենթարկէ՞ք պատասխանատուութեան, ոստիկանութեան աշխատածիցը պատասխանեց. «Լո՞ւրջ էք խօսում: Եթէ դուք կարողանաք քամուց հարցազրոյց վերցնել, ես էլ պատասխանատուութեան կ'ենթարկեմ»:

Տուեալ ինքնաշարժի վարորդը մերժեց ստորագրել արձանագրութեան տակ` հիմնաւորելով, որ համաձայն չէ տուգանքի որոշման հետ: Որմէ յետոյ լարուածութիւն սկսաւ երթի մասնակիցներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ: Կարմիր պերեթաւորները սկսան բերման ենթարկել ինքնաշարժի վարորդները: