Հրաժարականներու զանգուածային ալիքին հիմքը դրած են Մեծն Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ռիշի Սունաքը եւ առողջապահութեան նախարար Սաճիտ Ճաւիտը, որոնք յայտարարելած էին, որ հրաժարական կու տան վարչապետ Պորիս Ճոնսընի նկատմամբ անվստահութեան եւ անոր ղեկավարման մեթոտներուն հետ անհամաձայնութեան պատճառով:
Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի կառավարութենէն առ այսօր հեռացած է արդէն 53 նախարար, քաղաքական գործիչ: Այս մասին կը յայտնէ Sky News-ը` ընդգծելով, որ Ճոնսըն, թէեւ երեկոյեան յայտարարած էր, որ չի պատրաստուիր հրաժարական տալու, սակայն այժմ իշխանութիւնը կորսնցնելու շեմին է:
Նշենք, որ հրաժարականներու զանգուածային ալիքին հիմքը դրած են Մեծն Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ռիշի Սունաքը եւ առողջապահութեան նախարար Սաճիտ Ճաւիտը, որոնք յայտարարելած էին, որ հրաժարական կու տան վարչապետ Պորիս Ճոնսընի նկատմամբ անվստահութեան եւ անոր ղեկավարման մեթոտներուն հետ անհամաձայնութեան պատճառով: Հրաժարականները պայմանաւորուած են նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար Քրիսթոֆըր Փինչերի նշանակման հետ կապուած գայթակղութեան հետ:
Անցեալ շաբաթ յայտնի դարձած էր, որ Մեծն Բրիտանիոյ նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար Քրիսթոֆըր Փինչերը նախապէս լոնտոնեան ակումբներէն մէկուն մէջ հարբած վիճակի մէջ ծեծկռտուք կազմակերպած էր: Շարք մը քաղաքական գործիչներ կը պնդեն, որ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն Փինչերը նշանակած է Պահպանողական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխհամակարգողի պաշտօնին, թէեւ իմացած է անոր տխրահռչակ անցեալին մասին:
Ճոնսըն ներողութիւն խնդրած եւ խոստովանած է, որ «ետ նայելով` կը գիտակցի, որ սխալ բան ըրած է», այս յայտարարութեան յաջորդած են նախարարներու եւ այլ պաշտօնեաներու հրաժարականներ` վարչապետին նկատմամբ անվստահութեան պատճառով: