image

Պոլսոյ մէջ. Վերջին հրաժեշտ Տ. Անդրէաս Աւ. Քահանային

Պոլսոյ մէջ. Վերջին հրաժեշտ  Տ. Անդրէաս  Աւ. Քահանային

Օրերս Պոլսոյ մէջ վերջին օծման եւ հրաժեշտի արարողութեան արժանացած է համայնքի սիրուած եւ կարող քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանը։

Այս մասին  «Արեւելք» կը կարդայ  Պոլսոյ  «Մարմարա»  պարբերականէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Պատրիարքական Աթոռի քահանայից դասու աւագ սերունդի անդամներէն Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 4 Փետրուար 2024, Երկուշաբթի, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ 

Պատրիարքարանը հաղորդեց հետեւեալ տեղեկութիւնը.-

Վերջին օծման ու թաղման արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռոյս միաբանութիւնն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ, սարկաւագներ ու դպիրներ։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։ 

Յընթացս Ս. Պատարագի, հանգուցեալ Տէր Հօր դագաղը հոգեւորականներու կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին Օծման Կարգը, ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։ 

Յաջորդաբար Սրբազան Հայրը դամբանախօսեց «Որ բարձրացուցանէ զանձն՝ խոնարհեսցի. եւ որ խոնարհեցուցանէ զանձն՝ բարձրասցի» ¤Ով որ ինքզինք կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ_ ¤Ղուկաս 14.11 եւ 18.14_ բնաբանով։

Անդրադառնալով Տ. Անդրէաս Աւ. Քահանայի կեանքին, վեր առաւ իր ծառայասիրութիւնն եւ այլ բարեմասնութիւնները։ Շեշտեց անոր կեանքի մէջ առկայ օրինակելի համեստութիւնը, ծառայասիրութիւնը եւ խոնարհութիւնը։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Տէրը նոր մշակներ հանէ իր անդաստանին համար։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Հանգուցեալ Տէր Հօր դագաղը կ'ընթանար շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Աւետարանի ընթերցմամբ, սաղմոսներով եւ աղօթքներով։

Հաւատացեալ ժողովուրդը տամկացած աչքերով կը հետեւէր արարողութեան։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ, որուն հանդիսապետեց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան։ Պատրիարքական Աթոռոյս վաստակաշատ հոգեւորականին մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։