Օրերս, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ս. Մինաս Մատրան մէջ արարողութիւններ տեղի ունեցած են։ Ս. Մինասի տօնակատարութիւններուն հանդիսապետած է Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսած է նաեւ քարոզ մը։Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ս. Մինաս Մատրան մէջ, 3 Դեկտեմբեր 2024, Երեքշաբթի, Սրբոցն Մինասայ, Երմոգինեայ, Գրաբոսի եւ կամաւոր աղքատացն Յովհաննու եւ Ալէքսիանոսի Տօնին առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Արարողութեանց նախագահեց եւ Ս. Պատարագը մատուցանեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեանց մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր սարկաւագաց եւ դպրաց կողմէ, առաջնորդութեամբ երաժիշտ Բրկ. Թադէոս Ուր. Դպ. Գարափէքմէզի։
Ս. Պատարագի աւարտին, Հայր Սուրբը քարոզեց եւ ներկայացուց Ս. Մինասին վարքէն հատուած մը։ Օրուան Աւետարանական բաժինէն յիշեցում մը ընելով, ըսաւ որ մարդ արարածը ունի երկու աչք, որոնցմէ մին խորհրդանշականօրէն կը տեսնէ նիւթական աշխարհը, իսկ միւսը՝ հոգեւորը։ Հետեւաբար, առողջ գոյատեւման համար նիւթականն ու հոգեւորը միատեղ պէտք է արժեւորել եւ ահա այս այժեւորման ընթացքը կը կոչուի պայքար։ Ս. Մինաս իր վարքով ներշնչող է այս մարտնչման մէջ։
Հայր Սուրբը ըսաւ, նաեւ որ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Տաճարի համալիրին մէջ կը գտնուի փոքրիկ Ս. Մինաս Մատուռը, սակայն ան իր անցեալով կը ներկայացնէ հսկայ պատմութիւն մը եւ ուխտաւորներ կը ներշնուին նաեւ պատմութեան ծալքերէն։
Արարողութեան աւարտին, եկեղեցական արարողութեան միացաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան եւ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի «Հոգեւոր Տէր»ի գերեզմանը, ուր Երանաշնորհ Հայրապետին եւ Ս. Մինաս Մատրան հիմնադիրներուն համար հանգստեան աղօթք արտասանուեցաւ։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։

