Թուրքիոյ Իսթանպուլ քաղաքի դատարաններէն մէկու շէնքի մօտ զինուած յարձակում տեղի ունեցած է։ Յարձակման հետեւանքով 2 մարդ սպանուած է, 6-ը՝ վիրաւորուած։
Մանրամասնութիւնները յայտնած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Ալի Էրլիքայան՝ նշելով, որ սպանուածները յարձակում գործած անձինք են, որոնք վնասազերծուած են, հաղորդած է թրքական NTV հեռուստաալիքը։
Յարձակումը տեղի ունեցած է այսօր՝ 6 փետրուարի առաւօտեան։ Անյայտ անձինք փորձած են ներխուժել Չաղլըեան դատարանի շէնքի մուտքի անվտանգութեան կէտ։ «Յարձակողները՝ տղամարդ եւ կին, սպանուած են», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Վեց մարդ վիրաւորուած է, այդ շարքին՝ երեք ոստիկան։ Դատարանի շէնքը շրջափակուած է, դէպքի վայր հասած են շտապօգնութեան ծառայութիւնները։
Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի խօսքով՝ յարձակողները Թուրքիոյ մէջ ձախ արմատական «Յեղափոխական ժողովրդական ազատագրական կուսակցութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան (արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ) անդամներ եղած են։