Օրերս Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը հիւրընկալած է Իսթանպուլի Կուսակալ Տաւուտ Կիւլը եւ այլ պետական դէմքեր։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ «Մարմարա» պարբերականէն, որ այդ մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երէկ կէսօրէ ետք Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը հիւրընկալեց պետական դէմքեր։ Իսթանպուլի Կուսակալ Տաւուտ Կիւլ, ընկերակցութեամբ Զէյթինպուռնուի գաւառապետ Ատէմ Ուսլուի եւ Զէյթինպուռնուի Քաղաքապետ Էօմէր Արըսոյի, Հիւանդանոցին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԷՐՎԱՊի նախագահ, Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։
Զրուցակիցները գաղափարի փոխանակում ունեցան համայնքի վիճակի, հիւանդանոցի ու օրակարգային նիւթերու շուրջ։
Այս հանդիպման յաջորդեց կուսակալի Պատրիարքարան այցելութիւնը, որուն մասին լրատուութիւնը հրապարակուած է մեր միւս սիւնակներուն մէջ։
Ս. Փրկիչ հիւանդանոց այցելելէ առաջ կուսակալը այցելած էր նաեւ Յունաց հիւանդանոցը՝ հոն եւս տեսակցելով պատասխանատուներուն հետ։