image

Պոլսոյ «Հայճար» միութիւնը ընտրած է նոր վարչութիւն

Պոլսոյ «Հայճար» միութիւնը ընտրած է նոր վարչութիւն

Վերջին ամեակներուն Պոլսոյ մէջ    կարեւոր աշխատանք կատարող «Հայճար» միութիւնը օրերս ընտրած է իր նոր վարչութիւնը։ 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Հայճար»ը իր երդիքին տակ կը հաւաքէ Պոլսոյ   հայ  ճարտարապետները,  ու նաեւ  հայկական կառոյցներուն մասին ուսումնասիրութիւններ,  նիւթեր հաւաքագրողներ եւ  վերանորոգման  աշխատանքեր  կատարողները։

Ի դէպ «Հայճար»ի   վերջին  հաւաքին մասին մանրամասն  լրատւութիւն կատարած է «Ժամանակ» օրաթերթը, ուրկէ ալ կը մէջբերենք ՝

 

Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ վերջերս գումարուած է «Հայճար»ի հերթական ժողովը։ Այս 9-րդ համագումարին մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է բարձր՝ քանի ան կը յաջորդէր համավարակի շրջանին։

 

Ժողովի ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Նազար Շիկահէր (ատենապետ), Գարին Շէշէթեան (փոխ-ատենապետ), Եսթէր Հապէշ (ատենադպրուհի), Սայաթ Սահակօղլու (հաշուապահ), Իրեմ Պըչաքճը, Արտա Քէշիշեան, Լարա Չաքմաք, Լիզա Մուրատտաղը եւ Արթուն Ասատուրօղլու։

 

«Հայճար» նոր շրջանին կը նախատեսէ զանազան ծրագրեր կեանքի կոչել՝ շեշտադրելով իր ընկերային ուղղութիւնը եւ ոլորտային-մասնագիտական կառոյց մը ըլլալու բնոյթը։ Այս փուլին մասնաւոր կարեւորութիւն կ՚ընծայուի պոլսահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան ստուգման նկատմամբ՝ Պատրիարքական Աթոռի եւ պատկան կառոյցներու հետ համագործակցութեամբ։ «Հայճար»ի որդեգրած նախագիծերու շարքին է հոգելոյս Նշան Եաղուպեանի արխիւի թուայնացումը։