image

Պոլսահայ մտաւորականին թոյլ չեն տուած մուտք գործել Յունաստան

Պոլսահայ մտաւորականին թոյլ չեն տուած մուտք գործել Յունաստան

Սեւան Նշանեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է, որ արտասահմանեան փոքրիկ շրջագայութենէ յետոյ Աթէնք վերադառնալու ժամանակ օդակայանին մէջ ոստիկանները կանգնեցուցած եւ արտաքսած են երկրէն՝ առանց բացատրութիւն տալու։

Սեւան Նշանեան շեշտած է, որ ան արդէն 4 տարի է ամուսնացած է Յունաստանի քաղաքացիի հետ եւ որեւէ խնդիր չէ ունեցած յոյն իրաւապահ մարմիններու հետ։

«2017 թուականին Թուրքիոյ բանտէն փախելէ ետք կ'ապրէի Յունաստանի Սամոս կղզիի փոքրիկ գիւղի մը մէջ։  Թուրքիոյ մէջ գրքերուս հրատարակութիւններէն ու ընկերային կայքերէ եկող գումարային վարձատրութիւններով կրցած եմ ապրիլ, նաեւ երբեմն փոքր շրջագայութեան մեկնած եմ, սակայն այժմ չեմ գիտեր թէ ուր պիտի երթամ եւ ինչպէս նոր կեանք պիտի սկսիմ այլ երկրի մէջ, երբ արդէն 66 տարեկան եմ», գրած է Սեւան Նշանեան։