image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ երիտասարդ վարդապետը ՝արկածի ենթարկուած

Պոլսահայ երիտասարդ վարդապետը ՝արկածի ենթարկուած

Պոլսոյ Միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն աբղ. Տամատեան ինքնաշարժի արկածի  ենթարկուած է։

  Այս մասին տեղեկութիւնը «Արեւելք» ստացաւ Պոլսոյ մեր աղբիւրներէն։

 Կը նշուի նաեւ, որ Աբեղան, որ ուսման նպատակով ամիսներ առաջ հանգրուանած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Պոլսէն վերադարձին (բնականաբար Թիֆլիզի վրայով) զինք փոխադրող մեքենան արկածի ենթարկուած է կլիմայական ոչ բարենպաստ վիճակներուն հետեւանքով։

 

 Հայր Սուրբի կեանքին վտանգ չկայ եւ ան կը գտնուի ապաքինման փուլի մը մէջ (մասնաւորապէս Տ. Մուշեղ եպս. Պապայեանի հոգատար ուշադրութեամբ) շրջապատուած միաբանակից իր եղբայրներով։

  Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ նուիրական առաքելութիւն ստանձնած Աբեղան որդին է Պոլսոյ Աթոռի յարգուած միաբաններէն՝ Տ Գրիգոր աւ. Քհնյ. Տամատեանին։

 Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք Հայր Սուրբին եւ աշխոյժ վերադարձ դէպի առաքելութիւն։