image

Պոլիս. Սիրուած երգիչ Այգուն Պուտաքի ողջունելի նախաձեռնութիւնը (Տեսանիւթ)

Պոլիս. Սիրուած  երգիչ Այգուն Պուտաքի ողջունելի նախաձեռնութիւնը (Տեսանիւթ)

Պոլսոյ մեր գոծընկեր «Ժամանակ»էն հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ պոլսահայ երգիչ Այգուն Պուտաք, «Իմ սրտին դաշոյն» խորագրեալ իր երգին համար տեսահոլովակ մը պատրաստած է։ Սա Այգուն Պուտաքի առաջին ստեղծագործութիւնն է արեւմտահայերէնով։

Ստորեւ՝ «Ժամանակ»ի լրատւոթիւնը՝

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երաժշտական աշխարհէ ներս նոր ոստումի մը սեմին է համակրելի երգիչ Այգուն Պուտաք, որ ողջունելի գործունէութիւն կը ծաւալէ։

«Իմ սրտին դաշոյն» խորագրեալ իր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի է առցանց բոլոր հարթակներու վրայ։

Սա Այգուն Պուտաքի առաջին ստեղծագործութիւնն է արեւմտահայերէնով։ Թարգմանութեան համար ան աշխատած է փորձառու կրթական մշակ Վերա Չքընօղլուի հետ։

Այգուն Պուտաք այս գործը ձօնած է իր մեծ մօր՝ Սիլվա Փափազեանի յիշատակին։

Յօրինումներու կարգաւորման համար համագործակցած է Հալուք Փոլատ։

Վստահաբար Այգուն Պուտաքի այս գործը արժանանայ երաժշտասէրներու ուշադրութեան։