Պրիւքսէլի համար կարեւոր է ցոյց տալ, որ ինքը արդիւնաւէտ է յետխորհրդային հակամարտութիւնները լուծելու գործին մէջ: Որովհետեւ ուքրանական ճակատին վրայ ԵՄ-ն միայնակ չէր կրնար յաղթահարել որեւէ խնդիր, ինչպէս նախապէս շատ առումներով Պալքաններու մէջ:
Եւրոմիութիւնը, բացի Ռուսիայէն, ունի իր մղումն ու իր շահերը: Այս մասին ըսած է Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի Միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող, փորձագէտ, քաղաքագէտ Սերգէյ Մարքետոնովը:
Քաղաքագէտը կը կարծէ, որ Պրիւքսէլի այսպիսի աշխուժացումը կը հակասէ Քրէմլինի շահերուն:
«Հասկնալի է, որ ԵՄ-ն չի փափաքիր զօրացնել Ռուսիան: Եթէ խօսենք ԵՄ-ի մասին` որպէս տեսակ մը եւրոպական պիւրոքրաթիայի, որ գոյութիւն ունի անկախ անդամ երկիրներէն, քլինչի (մարզական մենամարտերու մէջ հակառակորդը զսպելու հնարք – Ա.) մէջ է Ռուսիոյ հետ, իսկ Շարլ Միշէլը այդ քլինչի խմբավարներէն է: Ան շատ աշխուժօրէն կը պաշտպանէ պատժամիջոցները: Քիեւի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու, Պուչի գայթակղութեան ժամանակ եւս Միշէլը «առկայծեց» որպէս Մոսկուայի քննադատ: Պրիւքսէլի համար կարեւոր է ցոյց տալ, որ ինքը արդիւնաւէտ է յետխորհրդային հակամարտութիւնները լուծելու գործին մէջ: Որովհետեւ ուքրանական ճակատին վրայ ԵՄ-ն միայնակ չէր կրնար յաղթահարել որեւէ խնդիր, ինչպէս նախապէս շատ առումներով Պալքաններու մէջ: Թէ՛ Պալքաններու, թէ՛ Ուքրանիոյ մէջ «հրդեհները մարելու» համար անհրաժեշտ էր Միացեալ Նահանգներու միջամտութիւնը: ԵՄ-ն ի վիճակի չեղաւ այդ ընել: Ուստի փորձ կը կատարուի ցոյց տալու, որ այդ այնքան ալ այդպէս չէ, եւ ԵՄ-ն նոյնպէս կրնայ ինչ-որ բան ընել», պարզաբանեց Մարքետոնովը:
Ան յիշեց նաեւ ֆրանսիացի յայտնի ռազմական փորձագէտ Էմանուէլ Տրեյֆուսի գնահատականը, որ տարեսկիզբին Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած գործողութիւնը անուանած էր «ժողովրդականակեդրոն»` նկատի ունենալով, որ բացի աշխարհաքաղաքական ազդեցութեան ուժեղացումէն, Ռուսիան շատ բան ըրած է փախստականները վերադարձնելու եւ տարածքը ականազերծելու համար:
«Ռուսիան շատ բան ըրած է, իսկ հիմա կը ստացուի, որ ԵՄ-ն արժեթուղթերու եզրերը կը խուզէ, կարծես Ռուսիան չկայ: Պրիւսքէլեան բանակցութիւններէն յետոյ Շարլ Միշէլի յայտարարութիւններուն մէջ չկայ Ռուսիան, չկան եռակողմ յայտարարութիւնները», նշեց Մարքետոնովը:
Ան նաեւ մատնանշեց լուրջ վէճերու բացակայութիւնը ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ, որոնք առկայ են, օրինակ, Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի պարագային, ոչ գովասանք, ոչ ալ հայհոյանք կայ:
«Տպաւորութիւն է, որ լռելեայն համակարգումը կը պահպանուի», նշեց ան: