image

Պրազիլեան բերքի «թագուհի»ն վտանգի տակ...

Պրազիլեան բերքի «թագուհի»ն վտանգի տակ...

Պրազիլիոյ մէջ ջերմաստիճանի կտրուկ անկումը սպառնալիք է սուրճի, շաքարեղեգի, նարինջի բերքի համար: Պրազիլիոյ կառավարութիւնը կը զգուշացնէ եգիպտացորենի եւ ցորենի արտերուն մէջ սառնամանիքի մասին, կը հաղորդէ Reuters-ը:

Նշուած է, որ սառնամանիքի վտանգը կտրուկ աճած է այն շրջաններուն մէջ, ուր սուրճ, շաքարեղեգ եւ նարինջ կ'աճեցնեն:

 

Պրազիլիոյ հարաւային Ռիու-Կրանտի-տու-Սուլ նահանգին մէջ ձիւն տեղացած է: Արտակարգ եղանակը մտահոգութիւն առաջացուցած է: