image

ՊՆ-ն պիտի փոխհատուցէ 44-օրեայ պատերազմին ներգրաւուած մեքենաներու վնասները

ՊՆ-ն պիտի փոխհատուցէ 44-օրեայ պատերազմին ներգրաւուած մեքենաներու վնասները

ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է փոխհատուցել 2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ յայտարարուած ռազմական դրութեան եւ զօրահաւաքի շրջածիրէն ներս ներգրաւուած փոխադրային միջոցներուն հասցուած նիւթական վնասները։

Համապատասխան որոշումն ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան այսօրուայ նիստին` առանց զեկուցման ու քննարկման։

Նախագիծը մշակած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Գերատեսչութեան ներկայացուցած տուեալներու համաձայն` որոշումը կը վերաբերի 17 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերէ ներգրաւուած փոխադրային միջոցներու, որոնցմէ 4-ը ոչնչացած են, 2-ը վնասուած են այնպէս, որ հնարաւոր չէ վերականգնել, 11-ը վնասուած վիճակով վերադարձուած են սեփականատէրերուն եւ կրնան օգտագործուիլ։

Վնասի փոխհատուցման չափը հաշուարկուած է 31 103 000 դրամ։

Վնասուած ու ոչնչացած մեքենաներու դիմաց փոխհատուցման գումարը պիտի յատկացուի ՀՀ կառավարութեան` 2022 թուականի պահուստային ֆոնտէն: