image
Հրատապ լուրեր:

Պլինքըն Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկած է խաղաղութեան պայմանագիրը

Պլինքըն Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ քննարկած է խաղաղութեան պայմանագիրը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Պլինքընն ու Փաշինեանը քննարկած են Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ամուր եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու ջանքերուն․ «Արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Միացյալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ատրպէյճանի նախագահի հետ զրոյցին Պլինքըն ողջունած է խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հարցով Ալիեւի յանձնառութիւնը․ «Արտաքին գործոց նախարաը ընդունած է տառապանքները, որոնք այս երկարատեւ հակամարտութիւնը պատճառած է ինչպէս ատրպէյճանցիներուն, այնպէս ալ հայերուն: Ան ընդգծած է այն առաւելութիւնները, որոնք տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուին խաղաղութեան հաստատումէն ետք»։

Ալիեւն ու Պլինքընը անդրադարձած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն մէջ «վերջին անհանգստացնող կէտերուն»։