Քննարկուած է մի քանի տարբերակ, այդ շարքին` հանդիպումներու պոյքոթ, սակայն Ուաշինկթըն ի վերջոյ ըսած է, որ Պլինքըն պիտի չմասնակցի խմբային նկարահանումներուն:
ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն մտադիր չէ մասնակցելու Ինտոնեզիոյ մէջ G20-ի շրջանակին մէջ միւս մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ պաշտօնական խմբային լուսանկարման` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգեէյ Լաւրովի ներկայութեան պատճառով, կը յայտնէ CNN-ը:
Շաբաթներ շարունակ Միացեալ Նահանգները եւ G7-ի անոր դաշնակիցները, որոնք նաեւ G20-ի անդամներ են, կը քննարկեն, թէ ինչպէս արձագանգել Լաւրովի ներկայութեան Պալիի մէջ աշխարհի մեծագոյն 20 տնտեսութիւններու նախարարներու հանդիպումներուն:
Աղբիւրներուն համաձայն` քննարկուած է մի քանի տարբերակ, այդ շարքին` հանդիպումներու պոյքոթ, սակայն Ուաշինկթըն ի վերջոյ ըսած է, որ Պլինքըն պիտի չմասնակցի խմբային նկարահանումներուն: Ան պիտի մասնակցի աշխատանքային միջոցառումներուն, քանի որ ԱՄՆ վարչակազմը կը փափաքի «մարտահրաւէր նետել Ռուսիոյ, այլ ոչ թէ անոր ամպիոն տալ»: Նաեւ ԱՄՆ չի փափաքիր վատ դրութեան մէջ դնել Ինտոնեզիային, որ կը հիւրընկալէ այս հանդիպումը:
Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս նախօրէին ըսելած է, որ G20-ի յառաջիկայ հանդիպման ժամանակ պէտք չէ ակնկալել երկկողմ բանակցութիւններ ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի միջեւ:
Յուլիս 7-8-ին Պալիի մէջ տեղի կ'ունենայ G20 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: